2014-07-07 15:10:53

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի քարոզը` եկեղեցականներու կողմէ բռնաբարուած զոհերու մասնակցութեամբ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին։


''Մենք ամէն ինչ ընելու ենք որպէսզի այսպիսի արարքներ չկրկնուին Եկեղեցւոյ մէջ''։

Երկուշաբթի, 7 յուլիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատոյց սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն` անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնախումբի անդամներէն զատ, իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ եկեղեցականներու կողմէ բռնաբարուած երեք այր ու երեք կին, իրենց ընտանեկան պարագաներուն հետ միասին։
Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց աւետարանի մէջ պատմուած այն պահուն` երբ Պետրոսի հայեացքը կը խաչաձեւուի Յիսուսի հայեացքին` Անոր ատեանէն դուրս ելլելու ժամանակ, եւ Պետրոս, որ ուրացած էր Յիսուսը, կու լայ դառնապէս։
Այսօր` ըսաւ Քահանայապետը, ձեր հայեացքը տեսնելով իմ միտքս կու գայ այդ պատկերը, եւ կը դիմեմ Յիսուսին խնդրելով Անոր աղօթքն ու շնորհքը, որպէսզի Եկեղեցին լայ ու քաւութիւն խնդրէ իր զաւակներուն համար, որոնք դաւաճանեցին իրենց առաքելութիւնը, անմեղ անձեր չարաշահումներու ենթարկելով։
Շատոնց իմ սրտիս մէջ կայ խոր կսկիծ մը, տառապանք մը, որ թաքնուած ու ծպտուած էր անբացատրելի մեղսակցութեամբ, մինչեւ որ մէկ մը անդրադարձաւ թէ Յիսուս կը դիտէր, ապա ուրիշ մը եւս անդրադարձաւ եւ ուրիշ մըն ալ նոյնպէս ու այսպէսով անոնք սկսան դառնապէս լալ ու ''վարակեցին'' մեր խիղճը` այն ահռելի մէղքին եւ ոճիրին դիմաց։ Ահա այս է իմ ցաւս` ի տես մի քանի քահանաներու եւ եպիսկոպոսներու գործած անբարոյութեան, որոնք բռնաբարեցին անչափահասներուն
անմեղութիւնը եւ դաւաճանեցին իրենց քահանայական կոչումը։
Ասոնք – ըսաւ Սրբազան Պապը - սրբապղծեցին Աստուծոյ դիմագիծը։ Մանկութիւնը գանձ մըն է։ Եւ այսօր Եկեղեցին Յիսուսի աչքերով կը նայի այս մանուկներուն եւ կ՛ուզէ լալ։ Կը խնդրէ շնորհքը լալու, այս անչափահասներու դէմ գործադրուած արարքներու դիմաց։ Արարքներ որ մեծ վէրքեր թողուցին բոլոր կեանքի ընթացքին։ Եւ գիտակից եմ թէ այդ վէրքերը շատ խոր են ու անոնց յառաջացուցած հետեւանքները աւելի ցաւալի։ Ձեզմէ ոմանք նոյնիսկ անձասպանութեան դիմեցին ու անոնց մահը ծանր կը կշռէ իմ սրտիս եւ իմ ու Եկեղեցւոյ խղճին վրայ։Այս զոհերու ընտանիքներուն կը նուիրեմ իմ սիրոյ ու ցաւի զգացումներս – ըսաւ Քահանայապետը ու ապա մատնանշեց թէ ''Եկեղեցականներու կողմէ անչափահասներու դէմ սեռային բռնաբարութեան գործուած մէղքերը, կործանիչ ազդեցութիւն ունին հաւատքի եւ Աստուծոյ վրայ վստահութեան''։
Ան ապա նշեց թէ ''Այսօրուայ մեր հանդիպումը Աստուծոյ ողորմութեան նշան է եւ առիթ` իրարու աչքերուն մէջ նայելու եւ խնդրելու հաշտութեան շնորհքը''։
Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ խոր կսկիծ կը զգամ, այն մէղքերուն եւ սեռային բռնաբարութեան ծանր ոճիրին համար, որ Եկեղեցականներ գործեցին ձեր դէմ եւ ասոր համար ներողութիւն կը խնդրեմ։ Ներողութիւն կը խնդրեմ նաեւ Եկեղեցւոյ առաջնորդներու զանցառութեան մէղքին համար, որոնք պատշաճ կերպով չհամապատասխանեցին ''բռնութեան'' դէմ ներկայացուած բողոքներուն։ Միւս կողմէն ճշմարտութիւնը ի յայտ բերելու ձեր քաջութիւնը հանդիսացաւ սիրոյ ծառայութիւն մը որ լոյս դրաւ Եկեղեցւոյ կեանքի սարսափելի խաւարի մը։
''Եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ տեղ չկայ անոնց որ սեռային բռնութիւններ կը գործեն'', ըսաւ Քահանայապետը յանձնառութիւն յայտնելով չհանդուրժել որեւէ մէկուն կողմէ անչափահասի դէմ գործուած արարքը, ու ապա հաստատեց թէ ''բոլոր եպիսկոպոսները պէտք են իրենց Հովուական ծառայութիւնը մատուցել մեծ ուշադրութիւն յատկացնելով եւ պաշտպանութիւն ապահովցնելով անչափահասներուն։

''Միւս կողմէ - ըսաւ հուսկ Քահանայապետը - պիտի շարունակենք հսկել Քահանայութեան թեկնածուներու վրայ եւ այս առընչութեամբ վստահութիւն յայտնեց ''անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնախումբի'' անդամներու գործունէութեան, անոնցմէ խնդրելով որ իրեն օգնեն Տիեզերական Եկեղեցւոյ մէջ որդեգրելու` մանուկներու պաշպտանութեան եւ մարդկային կազմաւորումի ամենալաւ քաղաքակնութիւնը։ Մենք ամէն ինչ ընելու ենք որպէսզի այսպիսի արարքներ չկրկնուին Եկեղեցւոյ մէջ – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա, քարոզի աւարտին, հայցեց Աստուածամօր հովանին ներկաներէն խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար որպէսզի իր սրտին աչքերը յստակօրէն տեսնեն սիրոյ եւ ողորմութեան ճանապարհը եւ որպէսզի Աստուած իրեն շնորհէ քաջութիւնը յարատեւելու մանուկներու բարիքին ի սպաս ուղեւորութեամբ։
Յիսուս նայեցաւ Պետրոսին եւ Պետրոս լացաւ- ըսաւ Քահանայապետը- Խնդրենք որ Յիսուս նայի նաեւ մեզի, որպէսզի մենք ալ կարենանք լալ եւ որպէսզի մեզի շնորհէ ամչնալու շնորհքը ու Պետրոսի նման, 40 օրեր ետք, իրեն պատասխանենք ''գիտես թէ կը սիրենք քեզ'', ու ապա ունկնդրենք Յիսուսին ձայնը որ մեզի կ՛ըսէ ''վերադարձիր քու ճանապարհիդ վրայ եւ արածէ իմ ոչխարներս'', ու թող ոչ մէկ գայլ մուտք գործէ քու փարախիդ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.